2016-09-01 10:18:00

Աւետարանի Վկաներ` Ռենովապիս բարեսիրական կազմակերպութեան միջազգային 20րդ համագումարը։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերմանիոյ Ֆրայզինկ քաղաքին մէջ բացում կատարուած է Ռենովապիս բարեսիրական կազմակերպութեան միջազգային 20րդ համագումարին, որ մինչեւ սեպտեմբեր 2 պիտի հիւրընկալէ 300 մասնակիցներ, 29 տարբեր երկիրներէ՝ յատկապէս կենդրոնական, արեւելեան եւ հարաւարեւելեան Եւրոպայէն։

Համագումարի խորագիրն է՝ «Աւետարանի Վկաներ՝ երկրագունդի ճարտարապետներ»։ Ան նպատակ ունի կենդրոնանալու յատկապէս կրօնաւորներու դերին վրայ, որոնք եւրոպական տարբեր հասարակութիւններու մէջ կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը։

Ողջոյնի պատգամին մէջ, որ ստորագրած է Վատիկանի պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին, Սրբազան Պապը կը յիշեցնէ մասնակիցներուն, թէ «ըլլալ Աւետարանի Վկաներ՝ կը նշանակէ միշտ յառաջ ընթանալ ճանապարհի վրայ, ինչպէս կը սորվեցնէ Յիսուս»։ Սա ուսուցում մըն է, որ ունի ուժեղ այժմէականութիւն՝ «յատկապէս կրօնաւորական կարգերու եւ միսիոնարներու համար, որոնց անդամները կը լքեն հայրենիքի ապահովութիւնը՝ երթալու համար աշխարհի բոլոր ծագերը, որպէսզի քարոզութեամբ եւ աղօթքով մարդոց տանին Աւետարանի լոյսը»։ «Այս կերպով Քրիստոսի հետեւիլ՝ կը նշանակէ վկայ ըլլալ Աստուծոյ սիրոյն, որ կը տածէ բոլոր արարածներուն հանդէպ»։ Սրբազան Պապը համագումարի մասնակիցներուն կ՛ուղարկէ իր օրհնութիւնը եւ կը մաղթէ, որ արժէքներով բնորոշուած եւ ընկերային պատասխանատուութեան յանձնառութեամբ տոգորուած կեանքի մը վկայութիւնը՝ ըլլայ նորոգեալ ընկերութեան մը կառուցումին հիմը։








All the contents on this site are copyrighted ©.